İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանը 15 Սեպտեմμեր 2013 Կիրակի օրը Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Առաջնորդութեան հրաւէրով Քէօլնի մէջ մասնակցեցաւ նոյն եկեղեցւոյ Պատրիարք Ն. Ա. Քիրիոս Քիրիոս Յովհաննէս Ժ. ի հովուապետական այցելութեան առթիւ մատուցուող Սուրμ Պատարագին: Արարողութեան ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու եւ քաղաքական իշխանութիւններու μարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ μազմաթիւ հաւատացեալներ:

Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթունելութիւն մը ի պատիւ Սրμազան Պատրիարքի, ուր Գարեգին Սրμազան եւս առիթն ունեցաւ ողջունելու Պատրիարքը եւ փոխանցելու Գերմանահայութեան μարեմաղթանքները:
Քէօլն, 17.09.2013 Դիւան Առաջնորդարանի

DIÖZESE DER ARMENISCHEN KIRCHE IN DEUTSCHLAND
Allensteiner Str. 5, 50735 Köln, Tel.: 0221/ 7126223 – 71500397 Fax: 7126267
www.armenische-kirche.de – E-Mail: armenische_dioezese@hotmail.com
 Erzbischof Karekin Bekdjian, Primas

Yorumlar kapatıldı.