İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍԲ. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

Surp Asdvadsadsini Don Damasgosi mech
Առաջնորդարական Պատարագ Կիրակի, 18 Օգոստոս 2013ևին, Դամասկոսի Առաջնորդանիստ Սուրμ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ՝ Սμ. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ, հանդիսաւոր Սուրμ Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ յաւուր պատշաճի պիտի քարոզէ՝Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան Առաջնորդ Հայոց Դամասկոսի Թեմի

Առաւօտեան Ժամերգութիւն ժամը 9:00ևին
Սμ. Պատարագ ժամը 10:00ևին
Խաղողօրհնէք ժամը 11:30ևին
Յաւարտ Սμ. Պատարագի պիտի կատարուի աւանդական
ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ: Կը խնդրուի մերազն հաւատացեալ
ժողովուրդի զաւակներէն կատարել խաղողի իրենց
նուիրատուութիւնները Շաμաթ 17 Օգոստոսին, որպէսզի առիթը
ընծայուի զանոնք լուալու եւ պատրաստելու խաղողի
օրհնութեան:
ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ
Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ կանոններուն Սμ. Աստուածածնի
Վերափոխման տօնին հոգեհանգստեան արարողութիւն չի
կատարուիր: Ննջեցեալներու յիշատակին Մեռելոցիկարգը
պիտի կատարուի
Երկուշա/թի 19 Օգոստոսին,
առաւօտեան ժամը 8:30-էն սկսեալ
մասնակցութեամμ Թեմիս Քահանայ Հայրերուն, Ազգային
Գերեզմանատան մէջ:
Ազգ. Առաջնորդարան
Դամասկոսի Հայոց Թեմի
Bishop Armash Nalbandian [bishoparmash@gmail.com]

Yorumlar kapatıldı.