İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան Թեմական-Պատգամաւորական Ժողովը

29 եւ 30 Յունիս2013 թթ., Քէօլնի մէջ, նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Բարձշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանի եւ ատենապետութեամբ Փրոֆ. Տոքթ. Խաչիկ Լազարեանի տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան հերթական ԹեմականՊատգամաւորական Ժողովը։ Ժողովին ներկայ գտնուեցան Թեմիս հոգեւոր դասը, ինչպէս նաեւ Առաջնորդութեան կապուած 14 համայնքներու շուրջ 35 պատգամաւորներ։

            Երկօրեայ նիստերու օրակարգը կը ներառնէր մէկ տասնեակէն աւելի նիւթեր, ի շարս որոց` Առաջնորդարանի եւ իրեն կապուած համայնքներու 2012 թ. գործունէութեան տեղեկագիր եւ նիւթական հաշուետւութիւն, Առաջնորդարանի եւ թեմի հոգեւորականներու 2012 թ. հոգեւործիսականհրատարակչական գործունէութեան տեղեկագրութիւն, ՀՀ Գերմանիոյ Դեսպանութեան եւ Գերմանահայ աշխարհիկ կազմակերպութիւններու հետ փոխյարաբերութիւններ եւ այլ հարցեր:
            Բոլոր հարցերու շուրջ ալ ծաւալեցաւ բազմակողմանի քննարկում մը, որուն մասնակցեցան թէ՛ թեմին հոգեւորականները եւ թէ՛ բազմաթիւ պատգամաւորներ, եւ թէ մանաւանդ ժողովին ներկայ երիտասարդ պատգամաւորներ։
            Վերոշարադրեալէն զատ երկօրեայ նիստերու օրակարգը կը ներառնէր օրակարգային երեք կարեւոր հարցեր եւս՝ 
ա. Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան նոր Կանոնադրութեան քննարկում եւ հաստատում բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ԹեմականԵկեղեցականԺողովին համար պատգամաւոներու ընտրութիւն գ. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստութիւն Թեմական Յանձնախումբի կազմութիւն
դ. Առաջնորդութեան անդամութիւն, Առաջնորդութիւնն ու հայ երիտասարդութիւնը ա. Թեմական գործող Կանոնադրութիւնը պետական արձանագրութիւն ստացած էր 1995 Յունուարին։ 2011 թ. Մայր Աթոռ Սբ Էջմիածնի մէջ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին
-2-
Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսիգլխաւորութեամբ գումարուած ԹեմականՆերկայացուչական Ժողովը Հայ Եկեղեցւոյ Ընդհանուր Կանոնադրութեան բարեկարգման ճանապարհին քննարկած եւ ընդունած էր Թեմական Կանոնադրութեան Ուղենիշային տարբերակը մը, որով առաջնորդուելով Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէին իրենց գործող կանոնադրութիւնները։ ԹԽի որոշմամբ շուրջ 1 տարի առաջ ստեղծուած էր նոր կանոնադրութեան մշակման Յանձնախումբ մը հետեւեալ կազմով՝ Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան, Տոքթ. Սարգիս Քէհեաեան, փաստաբաններ Իլիաս Ույեար եւ Նորայր Պօյաճեան։ Յանձնախումբը նկատի առնելով Մայր Աթոռի ուղենիշային տարբերակը, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներէն եւ համայնքներէն եկած առաջարկները կազմած էր նոր կանոնադրութեան նախագիծ մը, որ շուրջ երեք ամիսներ առաջ առաքուած էր Թեմի հոգեւորականներուն, համայնքային ատենապետներուն եւ թեմական բոլոր պատգամաւորներուն։
            Պատգամաւորները գլուխ առ գլուխ քննութեան առին Թեմական Կանոնադրութեան նոր նախագիծը, որուն ընթացքին կատարուեցան նոր առաջարկներ, որոնք ալ ներառնուեցան կանոնադրութեան նախագծին մէջ, որմէ ետք վերջնական տարբերակը դրուեցաւ քուէարկութեան։ ԹՊԺը միաձայնութեամբ ընդունեց նոր կանոնադրութիւնը։ Առ այդ կազմուեցաւ նաեւ լիազօր Յանձնախումբ մը (Հայր Սերովբէ, Տոքթ. Խաչիկ Լազարեան, Իլիաս Գէորգ Ույեար եւ Նորայր Պօյաճեան), որուն լիազօրութիւն տրուեցաւ գերմաներէնտարբերակը վերջնական վիճակի բերել, այնուհետ թարգմանել հայերէնի եւ ներկայացնել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին առ ի հաստատում եւ ապա գերմանական նախադատ ատեանին առ ի վաւերացում։
            բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ԹեմականԵկեղեցականԺողովին Գերմանիոյ Հայոց Թեմը Թեմակալ Առաջնորէն զատ լիազօրուած է մասնակցիլ եւս երկու ընտրեալ պատգամաւոներով։ Թեկնածու ներկայացած6 անձերէն փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ ԹՊԺը պատգամաւորներ ընտրեց Սերովբէ Վրդ. Իսախանեանը եւ Իլիաս Գէորգ Ույեարը։
            գ. Հաշուի առնելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի նախապատրաստութեան եւ պատշաճ ոգեկոչման բացառիկ կարեւորութիւնը ԹՊԺը յետ քննարկութեանց անհրաժեշտ եւ օգտակար նկատեց կազմել Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստութեան Թեմական Յանձնախումբ մը։ Յանձնախումբին հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ 100-ամեակին ընդառաջ գերմանական եկեղեցականեւ հանրօգուտ այլ հաստատութիւններու հետ համագործակցաբար կազմակերպել յիշատակի ձեռնարկներ, միջեկեղեցական արարողութիւններ, սեմինարներ ու նմանատիպ այլ ձեռնարկներ եւ նպաստել գերմանականհանրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի վերարծարծման եւ Գերմանիոյ կողմէ անոր վերջնական ճանաչման։ Իր գործունէութեան մէջ Թեմական Յանձնախումբը պատրաստակամութիւն յայտնեց համագործակցիլ Գերմանահայ Համայնքին եւ ՀՀ
-3-

Գերմանիոյ Դեսպանութեան կողմէ կազմուելիքԿեդրոնական Յանձնախումբին հետ։ Թեմական Յանձնախումբին անդամներ ընտրուեցանՍերովբէ Վրդ Իսախանեան, Խաչիկ Լազարեան եւ Իլիաս Գէորգ Ույեար, Տիկ. Սոնա ԱյբէրՉուգասըզեան, Տիկ.Մինու Նիքբայ։ Եւս երեք երիտասարդներ՝ Ուիլիամ Աբրահամեան, Վասիլ Էսա եւ Զաւէն Ասա ընտրուեցան որպէս Յանձնախումբի օժանդակ անդամներ։
            դ. Աշխոյժ քննարկումներ տեղի ունեցան նաեւ Առաջնորդարանի անդամութեան եւ երիտասարդական հարցերու շուրջ, որոնց ընթացքին առիթ տրուեցաւ ներկայ երիտասարդ պատգամաւորներուն խօսիլ իրենց մտահոգող հարցերու մասին եր ներկայացնել իրենց առաջարկներըն այս առնչութեամբ: Քննարկումներէն ետք որոշուեցաւ կազմել ԹՊԺի Յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւն տրուեցաւ յառաջիկայ չորս ամիսներու ընթացքին հաւաքել եղած եւ ըլլալիք առաջարկները, համադրել եւ մշակել զանոնք, որոնք ապա պիտի ներկայացուին Թեմական Խորհուրդին եւ գալիք տարուան ԹեմականՊատգամաւորական Ժողովին։ Յանձնախումբին անդամներ ընտրուեցանՍերովբէ Վրդ Իսախանեան, Այգիկ Քհնյ. Յովհաննիսեան, Խաչիկ Լազարեան, Իլիաս Գէորգ Ույեար, Միքայէլ Մինասեան, Սիւզի Հորոզ:

            ԹՊԺը եզրափակուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանի օրհնութեան«Պահպանիչ»-ով եւ միասնական արտասանուած Տերունական աղօթքով:
Դիւան Առաջնորդարանի

²è²æÜàð¸àôÂÆôÜ Ð²Úàò ¶ºðزÜÆàÚ
DIÖZESE DER ARMENISCHEN KIRCHE IN DEUTSCHLAND
Allensteiner Str. 5, 50735 Köln, Tel.: 0221/ 7126223 – 71500397  Fax: 7126267
      E-Mail: armenische_dioezese@hotmail.com

¶»ñß. î. ¶³ñ»·ÇÝ ²ñù»åë. ä»ù×»³Ý, ²é³çÝáñ¹         Erzbischof  Karekin Bekdjian, Primas

Yorumlar kapatıldı.