İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՑԻ ՍՈՒՐ ՏԱԳՆԱՊԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԻՐ ՑԱՒՑՆՈՂ ԱՔՑԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՊԱՀԷ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ՀԱԼԷՊԸ

ՄԱՐՄԱՐԱ ( Սեփական ).-

Շուրջ տասը օրէ շարունակուող հացի սուր տագնապը դեռ իր ցաւցնող աքցանին մէջ կը պահէ բովանդակ Հալէպը։ Անցեալ Երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ Հալէպի բոլոր փուռերը ստիպողաբար փակած էին իրենց դռները ու հսկայ քաղաքին 4 միլիոն ժողովուրդը առանձին թողլքած էին իր դժխեմ ճակատագրին հետ։ Պատճառը նոյն էր՝ ալիւր չկար։

Հալէպի հայաբնակ գլխաւոր թաղամասերէն Սիւլէյմանիէի մէջ, բարեբախտաբար, կացութիւնը գէթ մասամբ ու յարաբերաբար ՙմխիթարական՚ նկատուեցաւ՝ երբ խմորեղէնի երկուերեք վաճառատուներ յաջողեցան ալիւր ճարել ու նկանակներ պատրաստելով վաճառել թաղեցիներուն, օրուան որոշ ժամերուն։ Անշուշտ, հերթի արտակարգ ու աննկարագրելի շարքեր կազմուեցան այս վաճառատուներուն առջեւ ու ոմանք բախտաւոր նկատուեցան՝ եթէ կրցան ուտելիք բան մը տանիլ իրենց հետ, մինչ հարիւրաւոր այլ քաղաքացիներ ստիպուեցան ձեռնունայն վերադառնալ ու իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ կէս կուշտկէս անօթի անկողին մտնել։
Կþըսուի, որ քաղաքին արաբաբնակ ժողովրդային միւս թաղամասերուն մէջ կացութիւնը շա՜տ աւելի ճակատագրական է, նկատի առած  նախ բնակչութեան խտութիւնը եւ ապա՝ ընտանիքներու բազմանդամ ըլլալը։ Այս բարի ու ազնիւ մարդիկը, որոնց բնակարանները վերջին ամիսներուն փուլ եկան իրենց գլխուն՝ սաւառնակներու կոյր կամ դիտաւորեալ ռմբակոծումներէն, որոնք յաճախ զոհեր տուին իրենց հարազատներէն, կամ որոնք արդէն իսկ անգործութեան մատնուած են ու կը տապլտկին թշուառութեան ճիրաններուն մէջ, հիմա ալ՝ կþապրին իրենց սեփական հայրենիքին մէջ սովամահութեան դատապարտուած ըլլալու անարգանքը։
Կարծէք այս բոլորը չէր բաւեր, Չորեքշաբթիէն Ուրբաթ երկարող երեք օրերու ընթացքին Հալէպը ապրեցաւ իր մերձաւոր պատմութեան ամէնէն մտահոգիչ պահերը։
Արդարեւ, Չորեքշաբթի 5 Դեկտեմբերի կէսօրին ելեկտրական հոսանքը ամբողջովին անջատուեցաւ բովանդակ Հալէպի տարածքին։ Քաղաքին հիւսիսէն հարաւ ու արեւելքէն արեւմուտք տարածուող բոլոր թաղամասերն ու արուարձանները թաղուեցան թանձր խաւարի մէջ։ Իրաց այս կացութեան մէջ, բնականաբար, արդէն իսկ վիրաւոր ու արիւնաքամ քաղաքը անդամալուծուեցաւ կատարելապէս։ Երեկոյեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ՙերազային՚ Հալէպը վերածուեցաւ ուրուականներու քաղաքի մը, ուր մարդկային ոչ մէկ շուք կը տեսնուէր, ոչ մէկ ձայն կը լսուէր՝ բացի հրացանաձգութեան ընդհատ կրակոցներէ։
Հալէպցիք երկու գիշեր այսպէս անցուցին՝ առանց ելեկտրականութեան ու առանց հացի։ Նաեւ՝ առանց ջեռուցումի, ցուրտ ու պաղ սենեակներու մէջ, քանի որ վառելանիւթ ու կազ չկայ անցեալ տարուընէ ի վեր։
Երէկ, Ուրբաթ կանուխ առաւօտուն, բովանդակ Հալէպը դրուեցաւ նոր զրկանքի մը դէմ յանդիման.- ըմպելիք ջուրը խափանուած էր, նաեւ՝ հեռաձայնները չէին բաներ։ Բնակարաններու ծորակներէն կաթիլ մը ջուր չէր հոսեր։ Այսինքն, մարդ արարածին կեանքի երակը կտրուած էր։ Ո՜չ հաց, ո՜չ ելեկտրականութիւն, ո՜չ ջուր, ո՜չ հաղորդակցութեան միջոցներ։
Մարդիկ սարսափահար հարց կու տային մէկզմէկու.ՙՔանի՞ օր կրնանք դիմանալ այս վիճակով՚։
Բարեբախտաբար, Ուրբաթ կէսօրէ ետք ու մինչեւ իրիկուն՝ կացութիւնը իր ողբերգական հեռանկարէն մասամբ ետդարձ ըրաւ, երբ ելեկտրական հոսանքը վերադարձաւ քաղաքին թաղամասերուն մեծ մասին։ Անոր յաջորդեց ծորակներու ջուրի դանդաղ հոսքը, աւելի ուշ՝ տակաւ սկսան բանիլ նաեւ հեռաձայնն ու համացանցը։ Հալէպցիք պուտ մը շունչ առին, թէեւ ամէնէն հիմնականը՝ հացը, կը շարունակէ մնալ անգտանելի։
Հայկական ճակատի վրայ՝ նորութիւնն այն է, որ Ուրբաթի փոխադարձ գնդակոծումներու ընթացքին հրթիռ մը ինկած էր Պոսթան Փաշա թաղամասի Հայ Ծերանոցին վրայ։ Մարդկային զոհեր չկային, քանի որ հաստատութիւնը ամիսներ առաջ դատարկուած էր արդէն իր ծերունի պատսպարեալներէն, որոնք փոխադրուած էին աւելի ապահով վայր մը։
Միշտ վտանգաւոր գօտի կը շարունակէ մնալ Նոր Գիւղ հայահոծ (հիմա արդէն մասամբ դատարկուած) թաղամասը, որուն մերձակայքը բախումներ պատահած են Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ։ Չորեքշաբթի օր ալ երկու հրասանդեր ինկած էին թաղամասին մէջ։

Yorumlar kapatıldı.