İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ապրիլ 24ի ժամը 20ին, Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ



ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ՝
Ջահերով երթ Պուէնոս Այրէսի մէջ՝
դէպի Թուրքիոյ Դեսպանատուն
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ»).- Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ի ժամը 20ին, Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 97ամեակը ոգեկոչող ջահերով երթը, համայնքի երիտասարդական միութիւններու կազմակերպութեամբ։ Երիտասարդներու հրաւէրով, ժողովուրդը համախմբուեցաւ Իրաւաբանութեան Համալսարանի շէնքի մուտքին առջեւ, ուրկէ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Թուրքիոյ Դեսպանատուն։ Քայլարշաւի ժամանակ, մինչ երիտասարդները բարձրախօսերով կ’արտասանէին Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշատակող խօսքեր ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պահանջատիրական լոզունգներ, ազգային երգերու ընկերակցութեամբ, մասնակիցները կը պարզէին պաստառներ ու Հայաստանի, Արցախի եւ Արժանթինի դրօշակներ։
Երբ թափօրը հասաւ Թուրքիոյ Դեսպանատան առջեւ, տեղւոյն վրայ տեղի ունեցաւ յիշատակման ձեռնարկ մը, որու ընթացքին նշուեցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Արժանթինեան օրէնքներն ու դատական վճիռները։ Երգուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արժանթինի քայլերգները, որմէ ետք խօսք առաւ Տ. Առնակ քհնյ. Յարութիւնեան։ Նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելով, ան իր յուզիչ ներկայացումը եզրափակեց «Հայր Մեր» աղօթքով, ներկաներու ընկերակցութեամբ։
Ապա մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ 1915/23 թուականներուն Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն մեր նահատակ զոհերուն յիշատակը։
Կազմակերպիչ երիտասարդներուն պատգամը ներկայացուց Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ռազմիկ Նալպանտեան, որ իր պահանջատէր ու եռանդուն գաղափարներով խրախուսեց ներկաներուն ու հարցապնդեց Թուրքիոյ դեսպանին, վերահաստատելով հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պահանջատիրական պայքարը։
Ձեռնարկի փակման խօսքը արտասանեց Պուէնոս Այրէս Քաղաքի երեսփոխան Էտկարտօ Ֆորմ, որ ի մասնաւորի կոչ ըրաւ պատմութիւնը միշտ վառ պահելու հրամայականի կարեւորութեան, իր անկեղծ աջակցութիւնը յայտնելով Արժանթինի հայ համայնքի հանդէպ։
Վերջաւորութեան կարդացուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման առիթով հրապարակային անձնաւորութիւններու, հաստատութիւններու եւ կառավարական ներկայացուցիչներու կողմէ ուղարկուած գրութիւնները, ու ձեռնարկը եզրափակուեցաւ մինչ երիտասարդները բարձրախօսով կ’արտայայտէին հայ ազգին պահանջներն ու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականը, ազգային եղանակներու ու պահանջատիրական երգերու ընկերակցութեամբ։

Yorumlar kapatıldı.