İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՕՐՈՒԱՆ ՊԱՀԱՆՋՔԸ ՆԱՀԱՊԵՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Ռամկավար Մամուլ
Սեպտեմբեր 16, 2010 

ՕՐՈՒԱՆ ՊԱՀԱՆՋՔԸ
ՆԱՀԱՊԵՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ 

Յառաջիկայ Նոյեմբեր 8, 9, 10 շաբաթասկզբին, Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբայ Միաբանութիւնը պիտի ունենայ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը, որուն պիտի մասնակցին բոլոր միաբանները, ներքին եւ արտաքին։
Միաբանութեան ընդհանուր թիւն է 38 հոգեւորական, ի գլուխ ունենալով Պատրիարք Հայրը, ինը արքեպիսկոպոսներ եւ 28 վարդապետներ ու աբեղաներ։ Երեք արքեպիսկոպոսներ եւ 18 վարդապետներ, միայն, կը ծառայեն վանքէն ներս։ Վեց արքեպիսկոպոսներ եւ 10 վարդապետներ կը ծառայեն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ այլ թեմերէ ներս։
Թէ քանի՞ հոգեւորական պիտի բերէ իր մասնակցութիւնը Նոյեմբերին գումարուելիք այս խիստ եւ անհրաժեշտ միաբանական ընդհանուր ժողովին, չենք գիտեր։ 

Բազմաթիւ լուրջ հարցեր կան լեռնացած պատրիարքութեան օրակարգին վրայ, որոնք Պատրիարք Հօր յառաջացած տարիքին եւ անկարողութեան մատնուած ըլլալուն պատճառաւ, անդամալուծած են հաստատութեան գործերը։ Անփառունակ իրավիճակ մը կը տիրէ վանքէն ներս։ Գրած ենք անցեալին եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ կը կրկնենք այսօր ալ, խեղճութիւն, թշուառութիւն, ծուլութիւն, անհոգութիւն, անհամերաշխութիւն, բամբասանք, պատասխանատուութեան գիտակցութեան պակաս… դժբախտաբար արմատ նետած են վանքի անմիաբան միաբանութեան «հոգեւոր կեանք»էն ներս։ 

Ինչպէ՞ս պատահեցաւ որ այս իրավիճակը, մանաւանդ երբ Ամեն. Տ. Թորգոմ Պատրիարք իր գահակալութեան առաջին օրերէն սկսաւ ծրագրային աշխատանքի, յոյս ներշնչելով չորսդին։ Կարծես ամէն ինչ լաւ կ’ընթանար։ Շինարարարութիւն, եկեղեցական եւ մշակութային կեանք, կարգ ու կանոնի հաստատում եւ արդիականացման նոր սիստէմ, վանքի տարբեր հաստատութիններէ ներս։ Արտաքին երեւոյթնե՞ր էին այդ ամէնը, որուն «փլատակներ»ը մնացած են այժմ, թէ ոչ… 

ժողովուրդային իմաստութեամբ ըսուած՝ «առիւծը երբ ծերանայ, աղուէսները պար կը բռնեն»։ Ու տեսանելի է այդ պարը, որուն աղմուկին արձագանգները կը հասնին խաղաղականի ալ ափերը։
Մտահոգ է Երուսաղէմի Պատրիարքը։ Մտահոգ են սաղիմահայերը։ Մտահոգ են Հայաստանեայց եկեղեցւոյ սպասաւորները… արդեօ՞ք։ 

Ամեն. Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեան, որուն պատրիարքութեան գահակալութեան 20-ամեակը նշուեցաւ այս տարի, շուտով կը թեւակոխէ ծննդեան 92-րդ տարիքը։ Ուրախ ենք, որ մեր սիրելի Պատրիարք Հայրը ողջ-առողջ է։ Ծերութիւնը անխուսափելի է։ Աղօթող եղած ենք ու կը շարունակենք ըլլալ, հայցելով որ Տէրը քաջառողջութիւն եւ երջանիկ օրեր պարգեւէ Պատրիարք Հօր։ Սակայն յառաջացեալ տարիքը, իր հետ կը բերէ ծերութեան բարեկամները… տեսողութեան, լսողութեան, քալելու, շարժելու, մտածելու, խօսելու որոշ դժուարութիւններ եւ մանաւանդ աշխատանքի անկարողութիւն։ Վիճակ մը, որուն մատնուած է այսօր Պատրիարք Հայրը, որ 70 տարի անսակարկօրէն ծառայեց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ։ 

Որքա՜ն պիտի ուզէինք, որ Պատրիարք Հայրը իր յառաջացեալ տարիքին հանգիստ կեանք մը ունենար, երջանիկ ըլլար, տեսնելով եւ վայելելով իր ծառայութեան վաստակը։
Դժբախտաբար իրավիճակը տարբեր է։ Պատրիարքը կ’ապրի տառապալից եւ մտահոգութիւններով լի օրեր։ Ըսինք, բազմաթիւ լուրջ հարցեր կան լեռնացած պատրիարքութեան օրակարգին վրայ։ Տնօրէն Ժողովի նոր անդամներու ընտրութիւն, պատրիարքութեան պիւտճէի հարց, Սուրբ Աթոռի հաստատութեանց դիմագրաւած դժուարութիւնները, ժառանգաւորաց Վարժարան, Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարան, տպարան, Մատենադարան, թանգարան, կալուածական, ելեւմտական, սրբատեղեաց, շինարարական, յարանուանական եւ այլ հարցեր, որոնք անդամալուծած են Պատրիարքութիւնը վերջին հնգամեակին։ 

Վերոյիշեալ բոլոր դժուարութիւններու արմատը՝ հարցերը լուծելու եւ տնօրինելու անկարողութիւնն է։
Եւ հո՛ս է որ կը կաղայ ամէն ինչ։
Պատրիարք Հայրը լաւ գիտէ այդ։ Գիտեն նաեւ ողջախոհ հոգեւորականները։
Ահա թէ ինչու՞ Պատրիարք Հայրը, Պատրիարքական Փոխանորդ նշանակած էր միաբանութեան լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը։
Արդիւ՞նքը։ Հարցերը մնացին անլոյծ։ 

Ի՞նչն էր պատճառը։ Իրաւասութիւններու սահմանափակում… Պատրիարք Հօր յառաջացեալ տարիքի դժուարութիւններ… անհասկացողութիւն եւ այլ միաբանական ներքին հարցեր, զորս թուեցինք սկիզբը։
Եւ այժմ՝ ի՞նչն է ՕՐՈՒԱՆ ՊԱՀԱՆՋՔԸ։
Առանց ծամծմելու բառերը՝ ըսենք շատերու կողմէ դժուար արտասանուող այդ երեք բառերը…:
ԱԹՈՌԱԿԻՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ։ 

Նոյեմբերին կայանալիք միաբանական ժողովը պիտի քննարկէ բազմաթիւ հարցեր եւ լուծումներ որոնէ։ Սակայն առանց Աթոռակից Պատրիարքի մը ընտրութեան՝ «աղուէսներու պարը» պիտի շարունակուի։
Սահմանափակ իրաւասութիւններով, Պատրիարքական Փոխանորդի մը ընտրութեամբ հարցերը չեն լուծուիր։
Չլուծուեցան։ Փորձը ունեցանք։
Անցեալին՝ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը ունեցած է Աթոռակից Պատրիարքներ։ Եւ կանխելու համար որեւէ առարկութիւն, պատմութեան համար արձանագրենք…
1- Յովհաննէս Գ. ճոսլին 1341-1353։ Աթոռակից եղաւ Վարդան Արեւելցիի։ (Ձեռագիր թիւ 1863) 

2- Մկրտիչ Բ. 1366-1381։ Աթոռակից եղաւ Գրիգոր Գ. Պատրիարքին։ 

3- Եսայի Բ. 1390-1393։ Աթոռակից եղաւ Գրիգոր Դ. Եգիպտացի Պատրիարքին։
 
4- Սարգիս Բ. 1393-1417։ Յաճախակի ճամբորդութիւններուն պատճառաւ, իր բացակայութեան նշանակած էր մի քանի աթոռակիցներ։
Մարտիրոս Եպիսկոպոս 1399-ին։ Մեսրոպ Եպիսկոպոս 1402-ին։ Պօղոս Եպիսկոպոս Կարնեցի 1415-ին։ 

5- Եսայի Գ. 1430-1439։ Աթոռակից եղաւ Մարտիրոս Ա. Եգիպտացի Պատրիարքին։ 

6- Միւռոն՝ 1436-1437 եւ Յովհաննէս Ե. 1439-1445։ Նոյնպէս աթոռակից եղան Եսայի Գ. Պատրիարքին։ 

7- Մեսրոպ Բ. 1454-1461։ Աթոռակից եղաւ Աբրահամ Ե. Մըսրցի Պատրիարքին։ 

8- Պետրոս Ա. 1461-1476։ Աթոռակից եղաւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքին։ 

9- Մկրտիչ Բ. Ելովեցի 1476-1479։ Աթոռակից եղաւ Պետրոս Ա.Պատրիարքին։ 

10- Դաւիթ Բ. Մերտինցի 1583-1613։ Աթոռակից եղաւ Անդրէաս Մերտինցի Պատրիարքին։ 

11- Մինաս Գ. Համդեցի 1698-1702։ Աթոռակից եղաւ Յովհաննէս Է. Պոլսեցի Պատրիարքին։ 

12- Յովհաննէս Կոլոտ, 1713։ Աթոռակից եղաւ Սահակ Եպսկ. Ապուչխեցիին։ 

(Հայ Պատրիարքներ Երուսաղէմի, 2005, Հայկ Գրիգորեան)։ 

Սուրբ Աթոռի պատմութեան մէջ եղած են շրջաններ, ուր աշխարհական հոգաբարձուներով տնօրինուած են վանքին հարցերը։
Քսանըմէկերորդ դարու առաջին տասնամեակը, դժուարին օրեր եղան մեր վանքին համար։ Ներկայ իրավիճակը յուսալքումի կ’առաջնորդէ եւ կրնայ քայքայել արդէն իսկ անմիաբան միաբանութիւնը։
Հարցը լուրջ է, չըսելու համար ահազանգային։
Հոգեւոր կեանք անգամ չկայ վանքէն ներս։
Ի՞նչ ըսել է… Լուսարարապետ սրբազանը ստիպուած կ’ըլլայ վարդապետներուն ամսականներէն զեղչել, քանի անոնք կը թերանան եկեղեցի յաճախել։
Ի՞նչ ըսել է… վանական վարդապետ մը երկու ամիսէ ի վեր պատարագ անգամ կը թերանայ մատուցանելու։
Ի՞նչ ըսել է.. նոր սերունդի արաբախօսութիւնը հայոց դարաւոր վանքէն ներս, հո՛ն ուր Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարան կայ, եկեղեցիներ կան, հարուստ մատենադարան եւ հայ ակումբներ կան։
Ի՞նչ ըսել է… վանքի հաշուապահական գրասենեակէն 175,000 տոլար եւ այլ ոսկեայ դրամներ գողնալ։
Ի՞նչ ըսել է… գողութենէն ամիսներ ետք, հոգեւորական մը 80,000 տոլար իսրայէլեան լոթօ շահած է եղեր, մինչ՝ երկու այլ վարդապետներ կարգաթող՝ կը փախչին վանքէն առանց լուրի։
Ինչո՞ւ քննութիւններ չկատարուեցան, պատժելու համար վանքի «ներքին գողերը», որոնք ցարդ կը մնան անյայտ։
Ի՞նչ ըսել է… վարդապետներու բամբասանքը իրարու դէմ։ Ո՞ւր մնաց «հոգեւոր եղբայր ի Քրիստոս» հասկացողութիւնը, ըմբռնումը, ճշմարտութիւնը։
Ի՞նչ ըսել է… վարդապետները «քոմիսէօն»-շահաբաժին կ’ուզեն գործ մը ձեռնարկելէ առաջ։
Ի՞նչ ըսել է… միաբանութեան ատելավառ վերաբերմունքը իրարու հանդէպ։ Նոյնիսկ Աստուծոյ բարեւը՝ «բարի լոյսը» կը զլանան իրար տալու։
Ի՞նչ ըսել է… հայ ուխտաւորներու եւ հայ հաւատացեալներու կողմէ աղօթքներով ասեղնագործուած ուխտի նուէրները՝ վարագոյրներ, սկիհի ծածկոցներ Ս. Յակոբայ
տաճարին նուիրուած, գողնալ եւ քանիերորդ անգամը ըլլալով ծախու հանել Լոս Անճելըսի մէջ։
Ո՞վ ունի պատասխանը վերոյիշեալ հարցումներուն։ 

Կ’ուզենք վստահացնել մեր ընթերցողները, ո՛չ հաճելի են այս տողերը արձանագրել թուղթին վրայ եւ ո՛չ ալ՝ հաճելի է ընթերցումը այս ցաւերուն։ Արիւն կը կաթի մեր գրիչէն եւ արցունք՝ մեր աչքերէն։
Բայց պէտք է գրել եւ ըսել ճշմարտութիւնը, մանաւանդ այս ահազանգային իրավիճակին ի տես։
Վերոյիշեալ ցաւերը երէկ չպատահեցան։ Բայց վերջին հնգամեակին օրէ օր բազմապատկուեցան անոնք մեր ժողովուրդէն անկախ, թարախակալ վէրքի նման։
Լաւատես էինք։ Սպասեցինք որ Պատրիարք Հայրը իր մականը շարժէր։
Չըրաւ։ Չկարողացաւ։
Մտահոգութիւնները գրկեց ու անոնց տակ սկսաւ կքիլ։
Եւ ահա՛ հո՜ս հասանք։ 

Այսօր վանքին հարցերը լուծելու համար, հարկ չկայ վիզէն շղթայ մը կրելու, սակայն հա՛րկ կայ Երջ. Գրիգոր Շղթայակիր, Գրիգոր Պարոն Տէր Պատրիարքներու օրինակելի նուիրումը ունենալ, զոհողութիւնը, իմաստութիւնը, վարքն ու կենցաղը ունենալ, դուրս բերելու վանքը իր այս տագնապալի օրերէն։ 

Կը հաւատանք, որ օրուան պահանջքն է Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութիւնը, մանաւանդ նկատի ունենալով Պատրիարքութեան դիրքը, որ այսօ՛ր գործ ունի երեք պետութիւններու հետ՝ Իսրայէլի, Պաղեստինի եւ Յորդանանի։ Գործ ունի տարբեր յարանուանութիւններու հետ, որոնց հետ միատեղ պահապանն է Սուրբ Քաղաքի սրբատեղիներուն, եւ այսօր մեր տկարութեան պատճառաւ յաճախ բախումներ կ’ունենանք յոյներու հետ, որոնք ինչպէս անցեալին, այսօր եւս հայոց դարաւոր իրաւասութիւնները խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն։ 

Նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի քաղաքական աննպաստ պայմանները եւ ապագայի անորոշ եւ աննախատեսելի դժուարութիւնները, հարկ է իմաստութիւնը ունենալ Աթոռակից Պատրիարքի մը ընտրութեամբ վերականգնել մեր Պատրիարքութիւնը, վերահաստատել կարգն ու կանոնը վանքէն ներս, Քրիստոսի սէրով տոգորել մեր անհամերաշխ միաբանութիւնը, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքով ներշնչում յառաջացնել, որպէսզի Սիոնի բարձունքէն շարունակուի հայուն հանապազօրեայ աղօթքն ու փառաբանանքը, շարունակուի հայ ուխտաւորներու շարանը, հո՛ն ուր կը հանգչին աճիւնը Ս. Յակոբայ Տեառնեղբօր եւ գլուխը՝ Ս. Յակոբին։ 

Հայ ժողովուրդը իր միահամուռ ուժերով եւ ի մասնաւորի սաղիմահայութիւնը միշտ զօրավիգ եղած են Սուրբ Աթոռին եւ դարաւոր մեր Պատրիարքութեան։ Այսօր եւս, ամէն ժամանակէ ալ աւելի, հայ ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի, կարիքը ունի հոգեւոր զարթօնքի, հոգեւոր կեանքի, Աստուծոյ Ձայնին։ 

Այսօր նիւթական կեանքի ընձեռած հաճոյքներուն՝ թէկուզ տնտեսական ծանր իրավիճակին մէջ, մարդիկ տակաւ կը հեռանան Աստուծմէ, կը հեռանան եկեղեցիէն, հայրենիքէն եւ ահաւորը, սարսափելին՝ հայութենէն։
Ահա թէ ինչու՞ հարկ է ի գին ամէն զոհողութիւններու, ողջախոհութեամբ եւ իմաստութեամբ վերականգնել հոգեւոր կեանքը եւ առաքելութիւնը Երուսաղէմի Պատրիարքութեան, փշրելով «ԵՍ»երն ու կիրքերը, եւ ներշնչում յառաջացնել Սիոնի բարձունքէն։ 

Ի՞նչ վիճակի մէջ ալ գտնուի այս դարաւոր հաստատութիւնը, ՄԵՐՆ է, Հայութեան կը պատկանի… Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Առաքելաշաւիղ մե՛ր Սուրբ Աթոռն է։
Յոյնը, լատինը, ղպտին, եթովպիացին, ասորին պիտի չփրկեն մեր պատրիարքութիւնը, այլ Սուրբ Աթոռին իրենց ուխտը կատարած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ միաբանութիւնը… Երուսաղէմի միաբանութիւնը՝ ի պահանջեալ հարկին աշխարհական նուիրեալ եւ միացեալ ուժերով պէտք է փրկէ մեր նուիրապետական Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը։ 

Վիճակը ծանր է եւ լուրջ։ Կրնայ ահազանգային ըլլալ շուտով, եթէ չէ եղած արդէն։
Պարոյր Սեւակ պիտի ըսէր. «Դիմում եմ պահանջելու պէս…» Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութիւնը, որ ՕՐՈՒԱՆ ՊԱՀԱՆՋՔՆ է։
Վաղը ուշ է։
Լսող կա՞յ…։

Yorumlar kapatıldı.