İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎՍՏԱՀԻԼ ԹԷ’ ԶԳՈՒՇԱՆԱԼ 


ՎՍՏԱՀԻԼ ԹԷ’ ԶԳՈՒՇԱՆԱԼ

Տարեց ու անզաւակ զոյգ մըն է Տէր եւ Տիկին Թաւուգճըեան : Կինը ութսունըհինգ, այրը ութսունըեօթ տարեկան են :
Տքնաջանօրէն աշխատելով, երկյարկանի, պարտիզաւոր փոքրիկ տուն մը գնած են. Որուն պատէզը պտղատու ծառեր տնկած է պարոնը, կը հասցընէ նաեւ այլ բանջարեղէններ :
Քառորդ դարէ աւելի ժամանակէ ի վեր հանգստեան կոչուած զոյգը, մանր մունր առողջապահական արօրիայ մտահոգութիւններով, համեստ կեանք մը կը վայելէ :
Շարունակ միասին աշխատած եւ ապրած ըլլալու մի քիչ ձանձրացումով,
անիմաստ ու անվնաս վիճաբանութիւններ չեն խռովեր իրենց արօրիայ կեանքը :
Պարոնը կը հնազանդի իր տիկնոջը փափաքներուն, զորս այս վերջինը միշտ ազդեցիկ վարմունք ունեցած է իրեն հանդէպ : Փոխանակապէս տիկինը եղած է հաշուագէտ վճռական որոշումներու միակ պատասխանատու եւ իշխող ընտանեկան կեանքի սահմաններէն ներս :
Ներկայիս այս համեստ զոյգը վախու եւ անվստահութեան զգացումներով մի քիչ կը տառապի :
Ուղղակի ժառանգորդ չունենալնուն, քեռորդիներու հանդէպ ալ սիրոյ զգացումներու պակասութենէ, մտահոգ են իրենց ապագային մասին :
«Ի’նչ պիտի ըլլայ մեր վերջը, ո’վ պիտի հոգայ մեզմէ առանձին մնացողին,
որո’ւ պիտի ծառայէ մեր խնայողութիւնը…» նման հարցումներուն պատասխանը կը տենչան գտնել :
Կարող չեն ազգային հաստատութեան մը կտակել իրենց դժնդակօրէն աշխատելով ի յայտ բերած չափաւոր ինչքը :
Առեղծուածային վիճակ է նման կացութեան մատնուիլ տարեց զոյգի մը համար : Վախով եւ նախազգուշութեամբ կը մօտենան իրենց առաջարկուած բարեացակամ գաղափարներուն, որոնք նոտարական վաւերացումով ստուգուած
նոյնիսկ ըլլան :
Իսկապէս եթէ պահ մը մտածելու ըլլանք վերոյիշեալ զոյգին ներկայ վիճակին մասին. Ի’նչ կրնան ընել.
Խուսափի’ն մարդոցմէ շարունակելով ապրիլ մշտնջենական հոգերով , թէ ոչ վստահելով անոնց, համոզուիլ խորհուդի մը, ակամայ զգացումներով :
Նման որոշումներու խիստ մտահոգութեան , կ՛ենթարկուին, համայնքիս տարիքոտ եւ անսերունդ զոյգերը :
Ո’րն է յանձնարարելին, վստահիլ թ’է զգուշանալ…

Բարին ընդ ձեզ՝
Սրբուհի «Սիլվի» Մարազեան

Yorumlar kapatıldı.