İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ՓՈՔրԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱԳԸՖՆԵրՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՕրԷՆՔԻ ՆՈր ՆԱԽԱԳԻԾ

Յայտնի գիտնական Փրօֆ. Տքթ. հիւսէյին հաթէմի, Վագըֆներու Վարչութեան փափաքին ընդառաջելով, պատրաստած է փոքրամասնութիւններու վագըֆներուն մասին նոր օրէնքի նախագիծ մը, որ երէկ յանձնուեցաւ հայոց Պատրիարքութեան ուշադրութեան։
Պատրիարք հայրը նախագիծի լուսապատճէնները իր կարգին յանձնեց Պատրիարքարանի իրաւաբանական խորհուրդին առ ի քննարկութիւն։ Փրօֆ. հաթէմիի պատրաստած նախագիծին վերջնական վիճակը պիտի առնուի հանրապետութեան 80ամեակին Վագըֆներու Միջազգային Գիտաժողովի օրակարգին մէջ, որ տասը օր յետոյ պիտի հաւաքուի Անգարայի մէջ։

Yorumlar kapatıldı.