İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ԶԱհրԱՏԻ ԲՆԱԿԱրԱՆԸ ԵՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ՄԱՂԹԵՑ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը երէկ ժամը 15.00ին այցելութիւն տուաւ Տէր եւ Տիկին Զարեհ ¥Զահրատ¤ ¬ Անայիս Եալտըզճեանի բնակարանը եւ անձամբ հետաքրքրուեցաւ մեծ բանաստեղծին առողջութեամբ։ Զահրատ, որ 2004 թուին կը թեւակոխէ իր կեանքի 80րդ գարնան, աւելի քան ամիս մը առաջ փողոցը քալելու ժամանակ ինկած ու իր ոտքը կոտրած էր։ Պատրիարք հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց որ Զահրատ վերագտած էր իր առողջութիւնը եւ արդէն իսկ կը պատրաստուէր մամուլի յանձնելու անտիպ բանաստեղծութիւններու իր յաջորդ գիրքը։ հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ երէց` Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Պատրիարքարանի բանբեր Լուիզ Պաքար։

Yorumlar kapatıldı.