İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ Ս. ՅԱԿՈԲ հԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը երէկ ժամը 17.00ին այցելութիւն տուաւ հայ Կաթողիկէ համայնքի Էլմատաղի Ս. Յակոբ հիւանդանոցը։ Նորին Ամենապատուութիւնը շքամուտքին դիմաւորեցին հիւանդանոցի Խնամակալութեան Ատենապետ Կրէկուար Աքան, անդամներ` Ժոզէֆ Զինկիլլի, Ժիլպէռ Անանեան, Արիս Ներժան, հիւանդանոցի Ընդհանուր Տնօրէն Տքթ. Թայֆուն Պուտաք, Բժշկապետ Տքթ. Ժիրայր Աղազարեան, Աւագ Բոյժքոյր` շողեր Յովհաննիսեան եւ Ծերանոցի պատասխանատու բոյժքոյր` Վերժին հորասան։

Պատրիարք հայրը կարգաւ շրջեցաւ շքամուտքը, սպասման սրահը, պարտէզը, խոհանոցը եւ հիւանդանոցի վերանորոգուած միւս բաժինները, գնահատելով վարիչներու ժրաջան աշխատանքը։

շուրջ քառասուն վայրկեան տեւող այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կ՛ուղեկցէին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ երէց` Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Պատրիարքարանի բանբեր Լուիզ Պաքար։

Yorumlar kapatıldı.